2014-10-05 12:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Ընտանիքը որպէսզի կարենայ ընթանալ վստահութեամբ եւ յոյսով սնունդ առնելու է Աստուծոյ Խօսքէն''։


Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բացման նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը Կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարերեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հարը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ նշեց առաւօտեան արարողութիւնը ու ապա մատնանշեց օրուան սուրբ գրային ընթերցուիմին ուր կը խօսուի ոճրագործ այգեպաններու մասին։ Այգիի մը նման – ըսաւ Քահանայապետը – ժողովուրդը կարիքը ունի խնամքի, համբերատար եւ հաւատուիմ սիրոյ։ Մենք ալ որպէս Հովիւներ կանչուած ենք հոգալ մեզի յանձնուած հօտին։ Ընտանիքին հոգ տանիլ մաս կը կազմէ մեցի յանձնուած գործին. որպէսզի առատ պտուղներ պարգեւէ Աստուծոյ Արքայութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց ''Փաուլինա'' միաբանութեան ձեռնարկին, որ կը կայանայ Սուրբ Գիրքի օրինակներ բաշխել, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, նշելու միաբանութեան հիմնադրութեան 100 ամեակը ու յատկանշելու ''Ընտանիքի'' մասին գումարուած Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։
Ընտանիքը որպէսզի կարենայ ընթանալ վստահութեամբ եւ յոյսով սնունդ առնելու է Աստուծոյ Խօսքէն – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա հրաւիրեց ընտանիքները յաճախ սերտել սուրբ գիրքը, ըլլայ անհատական ըլլայ հաւաքական կերպով, ''որպէսզի ընտանիքը աճի եւ ընթանայ Աստուծոյ խօսքին լոյսով եւ ուժով''։
''Ամէնքդ կը հրաւիրեմ աղօթքի միջոցաւ նեցուկ կանգնելու սիւնհոդոսական աշխատանքներուն, հայցելով Աստուածամօր Մայրական բարեխօսութիւնը'', հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը ու ապա հոգեւոր միութիւն յայտնեց ''Փոմփէի'' սրբավայրին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն, Վարդարանի Տիրամօր աղերսանքի օրուան առթիւ, հայցելով խաղաղութիւնը` աշխարհի համայն ընտանիքներուն համար։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ապա անոնց մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.